Foto

Արամ Վեհափառը Ռայի պատրիարքի հետ քննարկել է Վատիկան իր առաջիկա այցը

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում է ունեցել Ռայի պատրիարքի և Լիբանանում Պապական նվիրակի հետ․

«Այսօր՝ Ուրբաթ, 15 Մայիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին եւ Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Արք. Պորճիայի հետ:

Ռայի Պատրիարքին հետ քննարկուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր պետերու յառաջիկայ հանդիպման օրակարգը: Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց Պատրիարքը յառաջիկայ օրերուն Վատիկան այցելութեան եւ Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ շարք մը բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ իր հանդիպումներուն մասին:

Պապական նուիրակին հետ դարձեալ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի այժմու կացութեան ընդհանուր անդրադարձ կատարելէ ետք, խօսակցութեան առանցքը հանդիսացաւ Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարելիք պաշտօնական այցելութիւնը՝ իր զանազան երեսներով»։