Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը վերադարձել է Մայրավանք․
«Շուրջ մէկ ու կէս ամսուան վրայ տարածուած հովուապետական այցելութեան աւարտին, այսօր՝ Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վերադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանք։
Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական երկար այցելութիւնը ընդգրկեց Գանատայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ու Արեւելեան հայոց թեմերը։
Cilicia TV-ն հետեւեցաւ Նորին Սրբութեան այցելութիւններուն ու հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ անոր գահակալութեան 30 ամեակին առիթով տեղի ունեցած հանդիսութիւններուն։ Յառաջիկայ օրերուն Cilicia TV-ն դարձեալ պիտի անդրադառնայ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան գլխաւոր երեսներուն։
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր սիրոյ ու գնահատանքի պատգամը շուտով պիտի յղէ վերոյիշեալ թեմերու մեր ժողովուրդի զաւակներուն»։