Արամ Ա Վեհափառը նամակով դիմել է ԱՄՆ փոխնախագահ Ջեյ դի Վենսին՝ Բաքվում ապօրինաբար գերեվարված հայերի ազատ արձակման համար․
«Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահին՝ Ճէյմս Տէյվիտ Վանսի օրեր առաջ գրած յատուկ նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անոր ուշադրութեան յանձնեց Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի ղեկավարներուն եւ հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային կոթողներու անվթար պահպանման հարցերը՝ դիմելով անոր անձնական միջամտութեան: Յիշեալ նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ միջազգային օրէնքը յստակօրէն կը շեշտէ թէ՛ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ թէ՛ հոգեւոր-մշակութային կոթողներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:
Յայտնենք, որ արդէն Վեհափառ Հայրապետին նամակը կը գտնուի փոխ նախագահին գրասեղանին վրայ: Ան յառաջիկայ շաբաթ յաջորդաբար Հայաստան ու Ազրպէյճան պիտի այցելէ»,- նշվում է հաղորդագրության մեջ:









