Foto

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Վատիկանի բարձրաստիճան կարդինալի հետ հանդիպմանը բարձրացրել է Արցախի հարցը

Վատիկանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներու շարքին, իւրայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումը միջկրօնական յարաբերութեանց ընդհանուր պատասխանատու Քարտինալ Քուվաքատի հետ: Յիշեալ հանդիպումը, որ կայացաւ Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, որոշ իմաստով շարունակութիւնն էր Ղազախիստանի մէջ անցեալ ամառ նոյն Քարտինալին հետ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած միջ-կրօնական հարցերու քննարկումին:

Հանդիպման ընթացքին թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ՛ Քարտինալը շեշտեցին միջ-կրօնական երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը բոլոր շրջաններէն ներս: Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ միջ-կրօնական հանդիպումներուն օրակարգը նաեւ անհրաժեշտ է որ ընդգրկէ ներկայ ընկերութիւններու առնչուած հարցեր. օրինակ՝ կենսոլորտ, բռնութիւն, ճարտարագիտութիւն, բարոյագիտական հարցեր եւ այլն…:

Յաճախ կատարուող միացեալ յայտարարութիւններէ անդին, կարեւոր է խաղաղ համակեցութիւն ու կառուցողական գործակցութիւն ստեղծել կրօններու միջեւ՝ աշխարհը յուզող հարցերու շուրջ: Համակեցութիւնը այլեւս դարձած է անհրաժեշտութիւն համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ: Հետեւաբար, բոլոր կրօնները պարտաւոր են միասին ապրելու՝ փոխադարձ հասկացողութեան դրական մթնոլորտի մէջ, նշեց Հայրապետը:

Ան նաեւ յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը երկար դարեր ապրած է իսլամութեան հետ եւ կը շարունակէ ապրիլ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ:

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Քարտինալին հետ Ղազախիստանի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին արծարծած էր Վատիկանի Կրէկորեան համալսարանին մէջ շուրջ տարի մը առաջ Ազրպէյճանի կազմակերպած համագումարի հարցը, որ միակողմանի մօտեցումներ կատարուած էին Արցախի եւ Հայ եկեղեցւոյ մասին: Նորին Սրբութիւնը դարձեալ այս մտահոգութեան անդրադարձաւ այն սպասումով, որ ակադեմական կեդրոնները առարկայական մօտեցում ունենան իրենց կողմէ եւ նոյնիսկ իրենց յարկին տակ քննարկուող նիւթերու գծով:

Քարտինալը համաձայն գտուեցաւ Նորին Սուրբ Օծութեան տեսակէտին՝ ընդլայնելու միջ-կրօնական հանդիպումներու օրակարգը՝ ներառելով ընկերութիւնը յուզող այժմէական հարցեր: Ան նաեւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ Ազրպէյճանի հետ Վատիկանի ունեցած երկխօսութեան, միաժամանակ շեշտելով, որ Վեհափառ Հայրապետին արծարծած հարցերուն շուրջ իր բաժանմունքը անհրաժեշտ աշխատանքները պիտի շարունակէ կատարել:
Հանդիպման աւարտին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քարտինալ Քուվաքատին նուիրեց Աստուածամայրը ներկայացնող յուշանուէր մը: