Ներկա աշխարհում միջեկեղեցական շարժումը պետք է ունենա նոր օրակարգ ու տեսլական, հայտարարել է Արամ Ա Վեհափառը՝ Վատիկանում.
«Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքը Վատիկանի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկն է, որ ո՛չ միայն յարաբերութիւն կը մշակէ աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն ու միջ-եկեղեցական խորհուրդներուն հետ, այլ նաեւ կը նախաձեռնէ աստուածաբանական երկխօսութիւններու: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տասնամեակներէ ի վեր մնայուն կապի մէջ է յիշեալ բաժանմունքի պատասխանատուներուն հետ եւ մօտէն ծանօթ է անոնց կողմէ կատարուած աշխատանքներուն:
Վեհափառ Հայրապետին եւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի պատասխանատու Քարտինալ Քիւրթ Քոխին հետ հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը: Առաջին հերթին, Հայրապետն ու Քարտինալը ունեցան առանձին հանդիպում, որու ընթացքին վերջինս ուզեց իմանալ Նորին Սրբութեան տեսակէտը կարգ մը զգայուն հարցերու շուրջ: Ապա, աւելի քան ժամ մը տեւողութեամբ կայացաւ հաւաք մը, որուն ներկայ էին Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան անդամները եւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի անձնակազմը:
Քարտինալ Քոխ խօսք առնելով՝ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ժամանումը Վատիկան՝ յիշելով Նորին Սրբութեան ունեցած բազմաթիւ հանդիպումները նախկին պապերուն եւ միջ-եկեղեցական պատասխանատուներուն հետ: Ան վեր առաւ Հայրապետին կարեւոր դերակատարութիւնն ու հարուստ փորձառութիւնը միջ-եկեղեցական մարզին, ինչպէս նաեւ սերտ գործակցութիւնը Վատիկանի հետ:
Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ Հայ եկեղեցին ընդհանրապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնաւորաբար յատուկ կարեւորութիւն տուած է միջ-եկեղեցական շարժումին, հին դարերէն սկսեալ: Այսօր, մեր Սուրբ Աթոռը գործօն ներկայութիւն է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն, շրջանային խորհուրդներէն եւ այլ էքիւմէնիք կառոյցներէ ներս, ինչպէս նաեւ մասնակից է աստուածաբանական երկխօսութիւններու: Այս յիշեցումէն ետք, Հայրապետը անդրադառնալով միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութեան՝ նշեց, թէ ընդհանրապէս էքիւմէնիք շարժումը տագնապի մէջ է: Աշխարհի դիմագրաւած տագնապները զանազան ձեւերով նաեւ ազդած են միջ-եկեղեցական շարժումին վրայ: Եկեղեցիները առաջնահերթութիւն սկսած են տալ դաւանակից եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան:
Այս ընդհանուր ակնարկէն ետք, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ անհրաժեշտ է ձեւաւորել միջ-եկեղեցական նոր մտածողութիւն, մօտեցում ու շեշտաւորում, որոնք ըլլան համապատասխան ներկայ աշխարհի պայմաններուն եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ակնկալութիւններուն: Այսօր, անցեալէն ժառանգուած դաւանաբանական ու աստուածաբանական հարցերը այնքան հրատապ չեն եկեղեցիներուն համար, որքան բարոյագիտական հարցերը, որոնք դարձած են գոյութենական ներկայութիւն եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Հետեւաբար, այս հարցերը հարկ է առաջնահերթութիւն ստանան միջ-եկեղեցական գործակցութեան մէջ, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, միաժամանակ անդրադառնալով Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան առնչուած կարգ մը խնդիրներու:
Հանդիպման աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քարտինալ Քոխին նուիրեց Աստուածամայրը ներկայացնող յուշանուէր մը:
Յայտնենք, որ նոյն երեկոյեան, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, Քարտինալ Քոխ սարքեց ճաշկերոյթ մը, որուն Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան անդամներուն կողքին ներկայ էին Վատիկանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի բարձրաստիճան պատասխանատուները: Ճաշկերոյթի ընթացքին դարձեալ խօսք առնելով՝ Քարտինալը անդրադաձաւ Նորին Սրբութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութեան եւ անոր բերած մեծապէս գնահատելի նպաստին միջ-եկեղեցական շարժումին առաւել զարգացման ուղղուած»: