Արամ Ա. Կաթողիկոսը Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիայում այցելել է Նարեկ վարժարան և ՀՀ նորաբաց դեսպանատուն։
«Հայ դպրոցը իր հայակերտումի առաքելութեամբ առանցքային տեղ ու դեր ունի հայ կեանքէն ներս: Այս առաքելութեան լծուած է Նարեկ վարժարանը: Բարձր կը գնահատենք նուիրական այս օճախին մէջ կատարուող սրբազան գործը՝ նոր սերունդներու դաստիարակութիւնը: Կ’աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ միշտ հաստատ ու զօրեղ պահէ Նարեկ վարժարանը իր առաքելութեան ճամբուն վրայ»: Այս բառերը արձանագրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Նիկոսիոյ Նարեկ վարժարանի յուշամատեանին մէջ՝ իր կատարած վեցերորդ այցելութեան առիթով, Երկուշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան:
Դպրոցի տնօրէնութիւնը, հոգաբարձութիւնն ու աշակերտութիւնը տօնական խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Նորին Սրբութիւնը դպրոցի մուտքին: Աղուհացի օրհնութենէն ետք, վարժարանի սրահին մէջ ողջոյնի խօսք արտասանեց վարժարանի տնօրէն Վերա Թահմազեան եւ լայն բացատրութիւն տուաւ վարժարանի գործունէութեան մասին: Իր խօսքի աւարտին, տնօրէնն ու հոգաբարձութեան ատենապետը Հայրապետին նուիրեցին Նարեկ վարժարանի խորհրդանշական բանալին: Ապա, աշակերտութիւնը ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիր մը՝ ի պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին։
Աւարտին, իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը յղեց Վեհափառ Կաթողիկոսը։ Ան շեշտեց հայ դպրոցին իւրայատուկ առաքելութիւնը՝ մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ հայու ինքնութեան կազմաւորման ու պահպանման հաւաքական պայքարի ծիրէն ներս: Ան նաեւ իր հայրական գնահատանքը յայտնեց աշակերտներուն, անոնց ծնողներուն, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն:
Նշենք, որ օր մը առաջ, Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, իր պատուիրակութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորաբաց դեսպանատունը, ուր դիմաւորուեցաւ նորանշանակ դեսպան Իննա Թորգոմեանի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ:
Դեսպանը ողջունելով Հայրապետին այցելութիւնը՝ ըսաւ, թէ մեր ժողովուրդին եւ համազգային ու միջ-եկեղեցական մակարդակներու վրայ բարձր վարկ վայելող հեղինակաւոր անձնաւորութիւն է Նորին Սրբութիւնը եւ մեզի համար մեծ պատիւ է ու օրհնութիւն ընդունիլ զինք այս նորաբաց դեսպանատան մէջ:
Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր կարգին, ողջունելով Կիպրոսի ու Հայաստանի միջեւ զարգացող դիւանագիտական յարաբերութիւնները՝ շեշտեց երկու երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, որովհետեւ մեր ունեցած պատմական կապերն ու հասարակաց արդարութեան դատը պէտք է առաւել եւս մղէ զոյգ երկիրներու պետութիւնները գործակցութեան ու միացեալ մօտեցումներու ճշդման՝ ներկայ աշխարհը յուզող տագնապներու գծով»,-նշված է հաղորդագրության մեջ:









