Մարդու կյանքի հոգեւոր տարածքը իր գոյության էությունն է․ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետ
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Ֆրեզնոյում երիտասարդների հետ հանդիպում-զրույց է ունեցել․
«Ֆրեզնօ իր հովուապետական այցելութեան վերջին գիշերը, Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընթրիքի սեղանի մը շուրջ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ խումբ մը երիտասարդներու հետ: Հանդիպման ներկայ էին շուրջ 100 երիտասարդներ, որոնց կարգին զանազան մասնագիտութեանց տիրացած անձեր:
Հաւաքը առիթ հանդիսացաւ ներկայ երիտասարդներուն՝ հարցումներ ուղղելու հայ ժողովուրդը ու հայ եկեղեցին յուզող հարցերու, եւ յատկապէս կրօնական, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական բնոյթ ունեցող խնդիրներու մասին:
Նորին Սրբութիւնը իր լուսաբանութիւնները առաւել մատչելի դարձնելու համար անգլերէն լեզուով լայն բացատրութիւններ տուաւ երիտասարդներուն: Ան յատկապէս շեշտեց հոգեւոր արժէքներուն կարեւորութիւնը ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ: Հայրապետը ըսաւ. «մարդ արարածը սոսկ ֆիզիքական գոյութիւն չէ, այլ հոգեւոր իրականութիւն է: Ֆիզիքականը հող կը դառնայ, մինչ հոգին յաւիտեան կը մնայ: Հետեւաբար, մարդու կեանքի հոգեւոր տարածքը էութիւնը կը կազմէ անոր գոյութեան: Անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութիւն տալ հոգիին: Ներկայ ժամանակներուն, շարք մը ընկերութիւններու կեանքին մէջ, հոգեւոր փնտռտուքը սկսած է դառնալ տիրական ներկայութիւն: Ուրախ եմ, որ այսօր մեր երիտասարդներուն ուղղած հարցադրումները առաւելաբար կրօնական բնոյթ ունին: Հարկ է քաջալերել մեր երիտասարդութեան մօտ հետզհետէ աճող հետաքրքրութիւնը հոգեւոր արժէքներուն նկատմամբ»: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Աստուածաշունչի կարեւորութեան մասին՝ երբեմն բաղդատական կատարելով այլ կրօններու ուսուցումներուն հետ:
Յայտնենք, որ հաւաքի ընթացքին յատուկ ուղերձով Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը ողջունեց փրոֆ. Ռիչրտ Յովհաննէսեանի փոքր դուստրը՝ Անի Յովհաննէսեան»: