Foto

Քեսապի Սուրբ Աստվածածին եկեղեցում «Ողջերթ» է անցկացվել՝ նվիրված Հայր Եսայիի ծառայության ավարտին

Քեսապի Սուրբ Աստվածածին եկեղեցում «Ողջերթ» է անցկացվել՝ նվիրված Հայր Եսայիի ծառայության ավարտին․

«Կազմակերպութեամբ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2026֊ի երեկոյեան, եկեղեցւոյս Սահակեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ “Ողջերթ”, գիւղիս հոգեւոր տեսուչ` Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի Քեսապի մէջ իր ծառայական ու հովուական առաքելութեան աւարտման առիթով։

Ներկայ էին Քեսապի նորանշանակ Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանը, Այնճարի Հոգեւոր Տեսուչ Եզեկիէլ Վրդ. Սէլլումեանը, ինչպէս նաեւ հայ համայնքներու հոգեւոր հովիւները` Գերպ. Հայր Գառնիկ Ծ.Վրդ. Յովսէփեան (Հայ Կաթողիկէ), Պատուելի Շանթ Ակիշեան (Հայ Աւետարանական), միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը։ Բոլորը ներկաները իրենց սրտի խօսքը փոխանցելով, հայր սուրբին մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ ու բարի երթ։

Ճաշկերոյթի ընթացքին եղան նուերներու բաշխում։ Աւարտին թաղականութեան ատենապետ` Տիար Վիգէն Լնդեան, յանուն Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, նախ երախտագիտական խօսք ուղղեց հայր սուրբին, ապա բոլորին անունով շուրջառ մը նուիրեց հայր սուրբին, ի շնորհակալութիւն իր տարած բեղուն ու արդիւնաւէտ աշխատանքին։

Առ այդ, Հայր Եսայի խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, իրենց կատարած բոլոր բարեմաղթութիւններուն համար, միշտ փառք տալով Աստուծոյ անցնող երկու եւ կէս տարիներու ծառայական շրջանին համար։ Հայր սուրբը բարձրօրէն գնահատեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց թաղական խորհուրդի ու տիկնաց յանձնախումբի անդամ անդամուհիներուն, իրենց կատարած ու պատրաստած սիրոյ սեղանին համար։ Վերջապէս, յուզումնախառն զգացումներով հայր սուրբը սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, խաղաղ ու ապահով օրեր եւ ընդմիշտ վերելք նոր ծրագիրներուն մէջ»։