Foto

Արամ Ա-ի այցը Վատիկան․ Արցախի հարցից մինչև միջեկեղեցական համագործակցություն

Արամ Ա Վեհափառը մամուլի ասուլիս է տվել Վատիկանում.

«Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը մամլոյ ասուլիս մը ունեցաւ Վատիկանի տեղեկատուականի կեդրոնին մէջ: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Հռոմի լրատուական զանազան ցանցերու ներկայացուցիչները: Ռատիօ Վատիկանի ներկայացուցիչը ասուլիսին բացումը կատարելով՝ նախ ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետը իբրեւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց միջազգային դէմք, ապա շեշտեց անոր Վատիկան այցելութեան իւրայատուկ կարեւորութիւնը, մանաւանդ անոր ունեցած քննարկումները Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ պատասխանատու քարտինալներուն հետ:

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով իր այցելութեան պատմական կարեւորութեան եւ Պապին ու ընդհանրապէս Վատիկանի պատասխանատուներուն ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալութեան՝ նախ ներկայացուց ցանկը այն նիւթերուն, որոնք քննարկուած էին հանդիպումներու ընթացքին: Ապա, ան մատնանշեց այն բնագաւառները, ուր կեդրոնացած էին քննարկումները` Լիբանան, Միջին Արեւելք, Արցախ, միջ-եկեղեցական շարժում եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն-Վատիկան գործակցութիւն: Յիշեալ իւրաքանչիւր բնագաւառին մասին Նորին Սուրբ Օծութիւնը անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ:

Իր խօսքէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս պատասխանեց լրագրողներու կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն: Աւարտին, ան առանձին հարցազրոյց ունեցաւ Ռատիօ Վատիկանի եւ այլ տեղեկատուական ցանցերու ներկայացուցիչներուն հետ»: