Foto

Արամ Ա. Կաթողիկոսը հայրապետական սրբատառ կոնդակով շնորհավորել է Գամիշլիի Սուրբ Հակոբ եկեղեցու 90-ամյակը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը հայրապետական սրբատառ կոնդակով շնորհավորել է Գամիշլիի Սուրբ Հակոբ եկեղեցու 90-ամյակը

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի, ներկայութեամբ՝ Ճէզիրի առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, միաբան ու քահանայ հարերու, զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու, Ազգային երեսփոխաններու, Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետին եւ պետական, համայնքային, միութենական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ մեծաթիւ հաւատացեալներու, կատարուեցաւ Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ օծման 90 ամեակի հանդիսութիւնը։

Արդարեւ, յիշեալ յոբելինական հանդիսութեան առիթով, Վեհափառ Կաթողիկոսը հայրապետական սրբատառ կոնդակ յղեց գամիշլիահայութեան եւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 90 ամեակը։

Նորին Սրբութիւնը ողջունել է ետք Ճէզիրէի մեր ժողովուրդի զաւակները՝ ըսաւ. «Երջանկայիշատակ Տ. Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսի ձեռամբ օծուած այս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ համախմբուած Գամիշլիի մեր զաւակները ինը տասնամեակներ շարունակ շէն ու պայծառ պահեցին Սուրբ Յակոբ Եկեղեցին: Եկեղեցւոյ կեանքին ու ծառայութեան իրենց բերած մասնակցութեամբ, անոնք գործնապէս վկայեցին, թէ եկեղեցին բաբախող սիրտն է մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին, ինչպէս նաեւ՝ Աստուծոյ պայծառակերպիչ ներկայութիւնը հաւատացեալներու կեանքէն ներս: Եկեղեցին եւս, իր հոգեւոր հովիւներով, թաղական խորհուրդներով ու դպրաց դասերով հասաւ մեր ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն, միաժամանակ՝ կարեւոր դեր ստանձնելով անոր կեանքի այլ բնագաւառներէն ներս»:

Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնելով եկեղեցւոյ 90 ամեակի նշման հանդիութեան, ի մասնաւորի այս տագնապալի պայմաններուն մէջ, նշեց. «Բերիոյ թեմէն ներս, մարտահրաւէրներով յղի այս հանգրուանին, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ 90 ամեակի նշումը սովորական յոբելինական հանդիսութիւն մը ըլլալէ անդին՝ պերճախօս վկայութիւն մըն է այն անխախտ հաւատքին, զօրեղ կամքին ու աննկուն վճռակամութեան, որ մեր ժողովուրդը պիտի մղէ հարթելու իր դիմաց ցցուող բոլոր խոչընդոտները, եւ շարունակելու իր երթը՝ դէպ նոր ամեակներ»: Այս առիթով, Հայրապետը գնահատելով Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը՝ ըսաւ. «Այս բարեբաստիկ առիթով, Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգաեանին, որ իր նախորդներուն նման, ինչպէս թեմի բոլոր շրջաններուն, նոյնպէս եւ Ճէզիրէի շրջանին տուած այցելութիւններով, զօրավիգ հանդիսացաւ եւ կը շարունակէ հանդիսանալ, պատմական այս թեմէն ներս տարուող հաւատքի առաքելութեան»: Վերջապէս, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց Ճէզիրէի մէջ ծառայած առաջնորդական փոխանորդներուն. «Մեր յատուկ գնահատանքը կը յայտնենք Ճէզիրէի մէջ ծառայած բոլոր առաջնորդական փոխանորդներուն, ներկայ առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանին, որոնք միշտ եղան իրենց հօտի կողքին, եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազաններուն հետ համախորհուրդ՝ հասան մեր ժողովուրդի կարիքներուն»:

Յայտնենք, որ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ 90 ամեակին առիթով, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ նորակառյոց ներքնասրահին եւ առաջնորդական փոխանորդութեան գրասենեակներու բացման հանդիսութիւնը։