Foto

Արամ Ա Վեհափառը կմասնակցի Հռոմի Պապի գլխավորությամբ տոնախմբությանը

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը կհանդիպի Հռոմի Պապի հետ․

«Ներկայ տարին 1700 ամեակն է Նիկիոյ մէջ 325 թուականին կայացած առաջին տիեզերական ժողովին։ Այս առիթով զանազան շրջաններու մէջ տեղի կ՚ունենան յիշեալ դէպքը նշող հանդիսութիւններ։ Այս ծիրէն ներս յայտնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւններ տուաւ Եգիպտոսի ու Գանատայի մէջ՝ միջ-եկեղեցական ու համալսարանական շրջանակներէ ներս։

Արդարեւ, Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2025-ին, Նիկիոյ մէջ վերոյիշեալ նպատակով տօնախմբութիւն պիտի կայանայ Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Պարթոլոմէու Ա. Տիեզերական Պատրիարքին մասնակցութեամբ։ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած է ներկայ գտնուելու յիշեալ կարեւոր դէպքին։ Յանուն Նորին Սրբութեան տօնախմբութեան եւ այլ նախաձեռնութիւններու պիտի մասնակցի Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերաշնորհ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան»։