Համազգայինի Բողոքի Նամակը Պապական Գրիգորեան Հոգեւոր Համալսարանին
Նիւթ՝ Ակադեմական ուղղամտութիւն, մշակութային ժառանգութիւն եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներ – Պատասխան՝ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հովանաւորած «Քրիստոնէութիւնը Ազրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» միջազգային գիտաժողովին
Արժանապատիւ գերապայծառներ,
Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, աշխարհատարած իր կառոյցով, շրջաններով եւ հաստատութիւններով, իր խոր մտահոգութիւնը եւ բարոյական վրդովմունքը կը յայտնէ «Քրիստոնէութիւնը Ազրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագրուած միջազգային գիտաժողովին գծով, որ գումարուեցաւ 10 Ապրիլ 2025-ին, Հռոմի Սուրբ Աթոռի Գրիգորեան պապական համալսարանին մէջ։
Իբրեւ կաթողիկէ հաստատութիւն մը, որ ծանօթ է ճշմարտութեան, արդարութեան եւ գիտական նուիրուածութեան սկզբունքներով, սուրբ Աթոռի Գրիգորեան Պապական Համալսարանը ունի առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն՝ երաշխաւորելու, որ իր ակադեմական հարթակները չօգտագործուին պատմութեան վերախմբագրումի, մշակութային ջնջումի կամ պետական հովանաւորութեամբ քարոզչութիւն կատարելու նպատակին ծառայելու համար։ Դժբախտաբար, վերոյիշեալ գիտաժողովը, կազմակերպուած՝ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, այս արժէքները խաթարեց։
Նշեալ ձեռնարկը յառաջ մղեց խորապէս վիճելի եւ ակադեմականօրէն մերժուած վարկած մը, որ կը փորձէ իւրացնել հայ քրիստոնէական ժառանգութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) տարածքին՝ «Կովկասեան Ալպանիոյ» շարունակականութեան պատրանքով։ Այսպիսի պնդումները կ’օգտագործուին արդարացնելու հայկական մշակութային, կրօնական եւ պատմական ներկայութեան համակարգուած ջնջումը այդ շրջանին մէջ, ներկայութիւն մը, որ վաւերագրուած է հազարաւոր եկեղեցիներու, վանքերու, խաչքարերու, ձեռագրերու եւ արձանագրութիւններու ընդմէջէն...